«Դաշնակից, բայց ոչ ստրուկ»․ Էդուարդ Շարմազանով

Էդուարդ Շարմազանովի հարցազրույցը  Կոստանդնուպոլսի «Ժամանակ»-ին։

ԴԱՇՆԱԿԻՑ, ԲԱՅՑ Ո՛Չ ՍՏՐՈՒԿ
 
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան յայտնի դէմքերէն Էտուարտ Շարմազանով, որ մօտաւոր անցեալին վարած էր նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահի պաշտօն, երկրի դիմագրաւած տագնապին շուրջ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցին սղագրութիւնը։
*
-Օրերս արտահերթ ընտրութիւններու թուականը արդէն ճշդուեցաւ: Արդեօք Հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի՞ անոնց։
 
-Նախ պէտք է նշել, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը Հայաստանի արտախորհրդարանական ամենէն շատ քուէ ստացած կուսակցութիւնն է: Չմոռնանք, որ 2018 թուականի ընտրութիւններուն մենք 4-րդ տեղը գրաւեցինք եւ փաստօրէն արտախորհրդարանական ուժերու ամենէն շատ ձայն հաւաքած քաղաքական կուսակցութիւնն էինք։ Շուրջ 60 հազար ձայն հաւաքած էինք, 5 տոկոսէն ընդամէնը մօտաւորապէս 3000 ձայն պակաս: Մենք քաղաքական գործընթացներուն մէջ պէտք է պայքարէինք այս ապազգային իշխանութիւնը հեռացնելու համար, որովհետեւ մեր թիւ մէկ նպատակը Հայաստանի ազգային պետութեան վերակերտումն է եւ այդ ճանապարհի թիւ մէկ խոչընդոտի՝ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումն է: Որեւէ քաղաքական գործընթացին Հանրապետական կուսակցութիւնը դիտորդ չի կրնար ըլլալ։ Ինչպէս օրերս նշեց Սերժ Սարգսեան՝ Հանրապետականի ձայնը լսելի եղած է, ա՛լ աւելի լսելի պիտի ըլլայ եւ մենք մեր քաղաքական խրամատը պիտի չլքենք։ Մենք պիտի շարունակենք դիրքաւորուիլ ազգային դաշտին մէջ եւ ընել ամէն ինչ, որպէսզի ազգային պետութեան կառուցման հիմնական խոչընդոտը՝ այս ապազգային իշխանութիւնը հեռանայ:
Ինչ կը վերաբերի ընտրութիւններուն՝ ընդամէնը եղած է Դիմատետրով յայտարարութիւն մը, թէ մտադրութիւն կայ 20 յունիսին ընտրութիւնները իրականացնելու: Բայց ես՝ որպէս գործիչ մը, որ շատ լաւ գիտէ Սահմանադրութիւնն ու օրէնսգիրքը, պէտք է նախ եւ առաջ ըսեն։ Եթէ Փաշինեան 20 յունիսին ընտրութիւն պիտի կազմակերպէ, ապա պէտք է 20-25 ապրիլի ժամանակամիջոցին հրաժարական տայ։ Իսկ մինչ այդ, մէկ ամսուան մէջ ի՞նչ պիտի ըլլայ վիճակը: Եւ եթէ տայ հրաժարականը, ո՞վ պիտի դառնայ պաշտօնակատար։ Արդեօք ի՞նքը պիտի մնայ պաշտօնակատարի դիրքին վրայ, թէ ոչ ուրիշ մը։ Արդարեւ, բոլոր ընդդիմադիր ուժերը՝ ներառեալ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, որոնք իրեն հետ պայմանաւորուած են, բարձրաձայնած են վարչապետի հեռացման հարցը: Իր վարչապետ մնալու պարագային անհնար է ակնկալել արդար ընտրութիւններ։ Ինք իր վարչական միջոցները պիտի օգտագործէ եւ քաղաքական հետապնդումները պիտի ուժեղացնէ: Նաեւ կայ այլ հարց մը. ինչպիսի՞ ընտրական օրէնսգիրքով մը տեղի պիտի ունենան ընտրութիւնները։ Այս ներկայո՞վ, թէ ոչ նոր ընտրական օրէնսգիրքով մը… Որովհետեւ կարելի չէ ընդունիլ նոր ընտրական օրէնսգիրք մը եւ յաջորդ օրն իսկ երթալ ընտրութիւններու: Ժամանակ պէտք է, որպէսզի քաղաքական ուժերը պատրաստուին: Այս հարցերը ճշդելէ յետոյ Հանրապետականը վերջնական որոշումը կը յայտարարէ եւ իր ծանրակշիռ դիրքորոշումը կը յայտնէ։ Մենք հապճեպ որոշումներ չենք ընդունիր՝ այն ալ անլուրջ մարդու մը Դիմատետրի գրառումէ մը ետք:
 
-Այսօրուան զարգացումներէն ելլելով՝ ընդդիմութիւնը հարցեր կրնա՞յ ունենալ իր շարքերուն մէջ: Կարդացինք Վազգէն Մանուկեանի յայտարարութիւնը, նաեւ Արթուր Վանէցեանի յայտարարութիւնը՝ ընտրութիւններուն մասնակցելու վերաբերեալ։ Արդեօք Վազգէն Մանուկեանի խօսքերը ունի՞ն տողատակ, թէ ընտրութիւններ չեն ալ տեղի ունենար:
 
-Ո՛չ միայն պր. Մանուկեանը նմանատիպ կարծիք կը յայտնէ, այլ նաեւ՝ առաջին նախագահ Տէր-Պետրոսեանը, որ առաջարկեց Փաշինեանին՝ հրաժարական տալ, լիազօրութիւնները յանձնել անկուսակցական փոխ-վարչապետի մը եւ հեռանալ երկրէն: Ես կը կասկածիմ, որովհետեւ մէկ ամիս վերջ ինչե՞ր կրնան պատահիլ՝ կարելի չէ կանխատեսել։ Այս ձեւով իշխանութիւն մը անվստահելի է՝ մանաւանդ Փաշինեանը, որ մէկ օրուայ մէջ վեց անգամ կարծիք կը փոխէ: Երբ կ՚ըլլայ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի վճիռ, թէ այս ինչ թուականին է ընտրութիւնը, մենք ըստ այդմ կ՚առաջնորդուինք այդ վճիռով: Ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան, ապա ընդդիմութիւնը արդէն բազմաշերտ է, կան տարբեր կուսակցութիւններ՝ տարբեր առաջնորդներով, տարբեր ծրագիրներով, տարբեր գաղափարախօսութեամբ: «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը միաւորած է զանոնք՝ ապազգային իշխանութեան դէմ պայքարով, բայց իւրաքանչիւրը իր ձեւով կը մտածէ, ամէն մէկը իր իւրայատուկ մեթոտը ունի պայքարելու ու չեմ կարծեր, թէ մէկը միւսը մեղադրելու պատճառ ունի այստեղ: Բայց այսօր անորոշութիւնը մեծցած է։ Եթէ այս մարդը (Փաշինեան) իր հանրահաւաքային զօրով եւ վարչական միջոցները օգտագործելով մարդ հաւաքած է, եթէ դիպուկահարներով կ՚երթայ կառավարութեան մէկ մասնաշէնքէն միւսը, ինչպէ՞ս պիտի կազմակերպէ ընտրութիւններ։ Խօսիլը մէկ բան է, գործելը լրիւ այլ բան: Կը կասկածիմ նոյնիսկ, թէ մինչեւ 25 ապրիլը ան հրաժարական տայ: Մէկ ամսուայ ընթացքին հազար բան կրնայ պատահիլ. օրինակ՝ GPS-ով նորէն տարածքներ կորսնցնել կամ ճանապարհներ տալ ատրպէյճանցիներուն:
 
-Հայաստանի համար խայտառակ պայմաններով հրադադարի համաձայնութենէն ետք, կարծես ժողովուրդին կորսնցնելիք բան մը չմնաց։ Բայց նոյնիսկ այդ միտքը չմղեց, որ Հայաստանի լայն հասարակութիւնը թիկունք տայ ընդդիմութեան: Ինչո՞վ կը բացատրէք այս երեւոյթը: Իսկ այդ «նախկիններ, նախկիններ» թեզը, որ անընդհատ շրջանառութեան մէջ կը դրուի, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք:
 
-Նախ պէտք է հասկնանք, որ մենք՝ որպէս պետութիւն եւ որպէս հասարակութիւն, մեր խնդիրներուն պատճառը մեր մէջ պէտք է փնտռենք։ Եւ մեր փրկութիւնն ալ պէտք է ըլլայ մեր մէջ: Ներկայ դրութիւնը բոլորովին այլ է եւ ճիշդ չէ զայն համեմատել 2018-ին ստեղծուած իրավիճակին հետ։ Իմ կարծիքով, 2018-ին աշխարհաքաղաքական գունաւոր յեղափոխութիւն մը եղաւ, բնականաբար, որոշ չափով արդար ընդվզում մը կար, բայց իշխանափոխութիւնը կազմակերպուած էր արտերկրէն, քաղաքական տարբեր ուժային կեդրոններու կողմէ եւ անոնց միջամտութեամբ։ Նպատակն էր Արցախի հարցով ազգային դիրքորոշումով իշխանութիւններու հեռացումը եւ փոխարինումը այնպիսի իշխանութիւնով մը, որ հաստատուն կորիզներ չունի եւ զոր կրնան հաւասառակշռութենէն հանել եւ խաբել բանակցային սեղանին վրայ, այնուհետեւ մղել պատերազմի: Միեւնոյն ժամանակ, այս 2020 թուականը կորուստի եւ ցաւի տարի էր։ Հետեւաբար, այս շարժման մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրի սրտին մէջ են մեր 5 հազար զոհերը։ Այստեղ ուրախութիւն չկայ, սա սուգի պայքար է: Ժողովուրդը ընկճուած է, հետեւաբար ձեւով մը անտարբերութեան տրուած։ Եւ ինչ որ վտանգաւոր է՝ մեծ զանգուած մը կայ, որ իր ապագան այլեւս Հայաստանէն դուրս կը տեսնէ: Բայց այդ ընկճուածութեան ու անտարբերութեան պիտի յաջորդէ ընդվզում: Այս մարդը պէտք է հասկնայ, թէ ինչ որ ալ ընէ, նոյնիսկ կեղծիքով, իր կազմակերպած որեւէ գործողութիւն դրական հանգուցալուծում պիտի չունենայ: Ան հայ ժողովուրդի երեսուն տարուայ Արցախի երազանքը սպաննած է: Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդը իր մէջքը ուղղած էր Շուշիի ազատագրումով, մայիս 9-ի եռատօնով:
Ան ի՞նչ պիտի խօսի ընտրութիւններուն։ Նորէն նախկին պիտի ըսէ։ Նախկիններուն ատեն Շուշիի ու Հադրութի հարց եղա՞ծ է: 12 հոկտեմբեր 2020-ին տեղի ունեցած արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներուն ես իրեն հարցուցի, թէ 27 սեպտեմբերէն մինչեւ այդ օրը ի՞նչ առաջարկած էին իրեն։ Բացատրեց, թէ 5+2, բայց այդ 5+2-ի տարբերակին մէջ չէին մտներ Շուշին եւ Հադրութը: Ենթադրենք, որ նախկինները վատ էին եւ թալանած էին։ Ուրեմն ինչո՞ւ իր ժողովուրդին չյայտարարեց, որ բանակ չունինք եւ պէտք է տալ Շուշին՝ ազատելու համար Արցախը, առաւել զոհ չտալու համար։ Բայց այդպէս չըրաւ, որովհետեւ ընդունուած ծրագիր էր: Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին բանակը վատ էր, մինչդեռ քանի մը ամիս առաջ, յուլիսեան պատերազմին՝ Տաւուշի դէպքերուն ժամանակ բանակը տարածքաշրջանի ամենէն բարձրորակ բանակը համարեց եւ 71 հատ «Մարտական խաչ»ի մետայլ բաշխուեցաւ: 12 հոկտեմբեր 2020-ի հանդիպումներուն ան բացայայտ ըսաւ, որ պատերազմական մեր վիճակը շատ վատ է։ Մենք գիտէինք այդ բանը եւ կուսակցութեան անունով քաղաքական ելոյթ ունենալէս վերջ, լուծումներ առաջարկեցի՝ ըսելով, որ այստեղ գլխաւոր խաղացողը Ռուսաստանն է, հիմա իսկ նախագահ Փութինէն խնդրէ, որ պատերազմը դադրի: Եթէ որպէս գերագոյն հրամանատար՝ կ՚ընդունիս, որ միջոց չունիս յաղթելու եւ քեզի առաջարկ մը կ՚ընեն, ապա աւելի լաւ է այսօր ընդունիլ այդ առաջարկը։ Որովհետեւ վաղը աւելի շատ մարդկային կորուստներ պիտի ունենանք, նաեւ աւելի շատ տարածքային կորուստներ եւ մեր երեխեքին կեանքը թանկ է ամէն ինչէն աւելի: Այն ատեն ըսի, եթէ այսօր քիչը չզիջիս, վաղը ամբողջը պիտի զիջիս: 19 հոկտեմբեր 2020-ին Փութին առաջարկած էր դադրեցնել պատերազմը եւ ինք հրաժարած էր: Ուրեմն այստեղ ի՞նչ կայ. դաւադրութի՞ւն, դաւաճանութի՞ւն, խելապակասութի՞ւն:
Իսկ ինչ կը վերաբերի «ներկայ-նախկին»ի նիւթին, ապա այդ մէկը հրապարակ բերուած արհեստական նիւթ մըն է: Եթէ նախկին ըսելով ի նկատի ունի Հանրապետականը, ուրեմն հարկ է ըսենք, որ նախկինի ատեն եղած քառօրեայ պատերազմը 4-րդ օրը աւարտած էր, յաղթական դուրս եկած ենք։ Ատրպէյճանցիք աղերսած են հրադադար, որեւէ բնակավայր չենք կորսնցուցած, այնքան ուժեղ եղած ենք, որ Ալիեւ իր կառավարութեան նիստին յայտարարած է, թէ իր վրայ կը ճնշեն, որպէսզի ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Իսկ Փաշինեանի օրօք եղած պատերազմի պատկերը ա՛յս է: Նախկինին խորհրդանշանը յաղթանակն է, ներկայի խորհրդանշանը պարտութիւնն է ու անձնատուութիւնը: Եթէ կը խօսի փտածութեան մասին, ապա իրմէ աւելի «թալանճի» մարդ չկայ: Ղարաբաղի 75 տոկոսը թալանած է ու յանձնած, 5 հազար երեխայի կեանք տուած է, Սոթքի մէկ մասը տուած է, Սիւնիքէն, Շուռնուխէն տարածքներ կու տայ։ Ասոնք թալան չե՞ն: Իսկ պարգեւավճարները, որոնք օրը ցերեկով կը ստանայ եւ կը բաժնէ, ի՞նչ են արդեօք։ Թալան չե՞ն։
 
-Այս բոլորին զուգահեռ՝ մեծ զարգացումներ տեղի կ՚ունենան Կովկասի մէջ: Եւ գաղտնիք չէ, որ այսօր Թուրքիան առաջուայ Թուրքիան չէ: Այս նոր իրականութեան մէջ դուք ինչպէ՞ս կը պատրաստուիք վարուիլ։ Ինչպէ՞ս դէմը պիտի առնէք առկայ վտանգներուն։
 
-Ես համամիտ եմ ձեզի հետ բովանդակութեամբ, բայց ձեւակերպումին հետ համաձայն չեմ: Ո՛չ թէ Թուրքիան առաջուայ Թուրքիան չէ, ձեռագիրը նոյնն է, պարզապէս ձեւաչափը փոխուած է, արտայայտման ձեւն ու ազդեցութիւնը փոխուած են: Բնականաբար, այսօր Թուրքիոյ դերակատարութիւնը տարածքաշրջանին մէջ կ՚աւելնայ։ Այստեղ կայ ռուս-թրքական որոշակի համագործակցութիւն։ Էրտողանի ժամանակաշրջանին Թուրքիա լրիւ որդեգրեց նէոօսմանականութիւնը՝ որպէս գլխաւոր գիծ: Ընդհանուր առումով, վերջին 300 տարուայ ընթացքին այս տարածքաշրջանին մէջ եղած են երեք գլխաւոր խաղացողներ՝ Իրան, Թուրքիա եւ Ռուսաստան։ Երրորդը երբեմն փոխուած է, մերթ ընդ մերթ ներխուժած են արեւմտեան պետութիւնները, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, ինչպէս Ուիլսընի մանտաթի ժամանակ: Բայց Կովկասը միշտ մեծ հաշուով եղած է թուրք-ռուսական հակամարտութեան տարածքաշրջան: Որքան որ ալ երբեմն մերձեցում ըլլայ, անոնք հակառակորդ են. օրինակ՝ Խրիմի հարցով: Ժամանակները փոխուած են, բայց պատկերը այնքան չէ փոխուած: Հարիւր տարի առաջ ալ մեր իշխանութիւնները որոշակի առումով, ոչ-ճիշդ հաշուարկի հետեւանքով, յոյս դրին Արեւմուտքի օժանդակութեան վրայ, բայց չհասաւ եւ տեղի ունեցաւ հայ-թրքական պատերազմը։ Թուրքերը հասած էին Երեւանի Չարփախ շրջանը: Հիմա նոյնն է վիճակը։ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին մեր այս յանձնուած իշխանութիւնը չհասկցաւ, որ տարածքաշրջանին մէջ երկու խոշոր բանակ կայ՝ մէկը թրքականը, իսկ միւսը ռուսականը։ Պէտք է դաշնակցիլ երկուքէն մէկուն հետ։ Թուրքիան, հասկնալի պատճառներով, կը բացառուի՝ որ մեզի դաշնակից ըլլայ։ Բնականաբար, պիտի դաշնակցիս ռուսական բանակին հետ: Բայց այս մարդը պատերազմի չորրորդ օրը յայտարարեց, որ ինք կը նախընտրէ խօսիլ Մաքրոնի հետ՝ քան Փութինի։ Սա կը նշանակէ, որ այս իշխանութիւնը Հայաստանի փրկութիւնը կը տեսնէր Արեւմուտքի հետ համագործակցութեամբ։ Արեւմուտքը կը գովաբանէր եւ հարցազրոյցի մը ընթացքին կ՚ըսէր, թէ «ռուս խաղաղապահներու հարց ես այստեղ չեմ դիտարկեր»։ Ուրեմն դուն տարածքաշրջանային աշխարհաքաղաքական քաղաքականութենէն չես հասկնար։ Եւ հարիւր տարի առաջուան նոյն սխալը կրկնուեցաւ: Քորոնաժահրի համաճարակէն յետոյ աշխարհը այլեւս համաշխարհայնութենէն կը դառնայ տեղային պետութիւններու։ Միացեալ Նահանգներ այստեղ չունի այլեւս այն ազդցութիւնը, որ ունէր տասն տարի առաջ։ Նոյնիսկ Եւրոմիութիւնը չունի այդ ազդեցութիւնը: Հայաստանի պետական շահերէն ելլելով՝ անհրաժեշտութիւն էր հայ-ռուսական դաշինքի կազմումը եւ ինք այդ բանը չըրաւ: Պէտք է ընդունինք, որ թուրքերը ունին համաթրքականութեան ծրագիր, միշտ ալ խօսուած է այս մասին։ Այս բոլորը չհասկնալ եւ պատերազմի չորրորդ օրը «Հայկական ժամանակ» թերթին մէջ խմբագրական գրել, թէ «եթէ ռուսը չուզէ, ռուսին հետ չեմ բանակցիր, կը բանակցիմ թուրքին հետ»։ Հետեւանքը այսպէս կ՚ըլլայ, եթէ պատերազմի ժամանակ քու դաշնակցիդ հետ չես կրնար յարաբերութիւններդ պաշտպանել, հետեւանքը ա՛յս կ՚ըլլայ։ Աշխարհաքաղաքական առումով Փաշինեան բոպիկ մըն է, անգրագէտ է կամ դաւաճան: Այսօր, այս բարդ աշխարհաքաղաքական վիճակին մէջ այս մարդուն եւ այս ձեւի այլասերած իշխանութեան Հայաստանի մէջ գործի գլուխ մնալը խնդիր է: Միայն Հայաստանը չէ, որ պատերազմի մէջ պարտուած է, բայց, պարտութենէն ետք պիտի կարենաս ճիշդ քայլեր կատարել: Նոյեմբերի 9-էն ետք Հայաստանը դարձած է ֆութպոլի գնդակ. ո՛վ, ինչպէ՛ս կ՚ուզէ՝ կը հարուածէ: Յունուարին Ռուսաստան գնաց Ալիեւի հետ բանակցելու ռազմագերիներու եւ կորսուածներու հարցով եւ մէկ հատ իսկ գերի չկրցաւ ազատել: Այսպիսի մարդ մը ինչպէ՞ս ձգել իշխանութեան գլուխ:
Իսկ ժողովուրդը այս մանրամասնութիւններէն լուր չունի եւ եթէ չգիտակցիր, որ արհաւիրքը կրնայ Երեւան հասնիլ: Գորիսէն Ղափան երթալու համար ատրպէյճանցիներու միջով պէտք է անցնիլ: Ան պիտի որոշէ, որ Հայաստանի մէջ մէկ կէտէն միւսը երթալու համար թոյլտուութիւն կու տա՞յ կամ ոչ: Այսօր ա՛յս վիճակին հասած է Հայաստանը:
 
-Ռուսական քաղաքական տեսակէտը ի՞նչ է։ Ինչո՞ւ Ռուսաստան աշխոյժ չէ ներհայկական կտրուածքով:
 
-Բարդ է շատ ռուսական քաղաքական տեսակէտը, բայց բան մը ակնյայտ է։ Որեւէ մեծ տէրութիւն կ՚ուզէ, որ իր դաշնակիցը կամ փոքր եղբայրը կանխատեսելի մէկը ըլլայ։ Եւ ռուսերը ակնյայտ կը հասկնան, որ այս մարդը կանխատեսելի չէ: Եւ այս բանին վառ ապացոյցը կը համարուին ռուսական քաղաքական վերնախաւի կամ անոնց լրատուամիջոցներու արտայայտութիւնները: Ես զինքը իմ ղեկավարս չեմ համարեր, բայց կ՚ամչնամ, որ Հայաստանը ներկայացնող մէկուն մասին այս տեսակի խօսքեր կ՚ըսուին: Խնդիրը այն է, որ հակառակ իր մասին խօսուածներուն, ինք տակաւին կը մնայ: Ինքը որեւէ տէրութիւն մտիկ կ՚ընէ, բացի հայ ժողովուրդէն, որովհետեւ ինք այսօր ռուսերէն կախեալ է: Նոյնիսկ մեր բանակը չ՚ուզեր զինք լսել։ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեան անտեսելով իր կողմէ կատարուած ամէն տեսակի սադրանք՝ գացած է աշխատանքի։ Եկեղեցին մերժած է զինք. պատմութեան մէջ ե՞րբ պատահած է, որ մեր եկեղեցւոյ երկու կաթողիկոսները մերժեն ինչ-որ իշխանութիւն: Բայց Ռուսաստան ունի իր շահերը։ Ես սկիզբին ըսի՝ պէտք է դաշնակցինք ռուերուն հետ։ Բայց մեր յոյսը իրենց հետ չկապենք։ Այսինքն ռուսերը պիտի չգան Հայաստան ու մեր փոխարէն Փաշինեանը հեռացնեն... Այդ այլեւս ստրկամտութիւն է։ Փութին մեր դաշնակից երկրի ղեկավարն է, հզօր երկրի ղեկավար եւ մեր բարեկամ պետութեան ղեկավարը: Պէտք է մեր խնդիրները մենք լուծենք։ Այսինքն մենք կ՚ուզե՞նք պետութիւն ըլլանք, կամ կ՚ուզենք դառնալ մէկու մը ենթական: Մեր խնդիրը հետեւեալը պէտք է ըլլայ. մենք պէտք է կարողանանք անվտանգային միջավայր ապահովել եւ մեծ ընտրութիւն չունինք կա՛մ Թուրքիան կամ Ռուսաստանը: Հայաստան այս աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մէջ չի կրնար առանձինն մնալ եւ մանաւանդ՝ այս ջախջախուած վիճակով իր անվտանգութիւնը ապահովել: Համոզուած եմ, որ եթէ Փութին կամ ռուսական կողմը չպնդէր 9 նոյեմբերի հրադադարին վրայ, ապա Ատրպէյճան կրնար Ստեփանակերտ մտած ըլլալ: Ռուսական դրօշակը եթէ Սիւնիքի մէջ չըլլար, ապա այնտեղ ալ մտած կ՚ըլլային: Ինչպէ՞ս կարելի է Դիմատետրի գրառումներով, լայքերով, ուղիղ եթերներով ազգի մարտունակութիւն բարձրացնել: Անվտանգային միջավայրի եւ աշխարհաքաղաքական իմաստով՝ պէտք է հասկնալ, որ Ռուսաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները պէտք է խորացնել։ Բայց այս բանը ընել՝ որպէս դաշնակից եւ ո՛չ թէ որպէս ստրուկ կամ ծառայ: Իսկ որպէս դաշնակից ընդունուելու համար, պէտք է իշխանութիւն ունենալ, նաեւ հեղինակութիւն։ Այս մարդը որեւէ հեղինակութիւն չունի: Ան մէկ բառ ըսաւ «Իսքանտէր» հրթիռի մասին եւ ռուսերը զինք խայտառակեցին։ Այսպիսի մարդ մը ինչպէ՞ս կրնայ երթալ եւ Հայաստանի համար գերիներու հարցը լուծել կամ տնտեսական ներդրում ապահովել: Պէտք է հասկնալ, որ սա մեր խնդիրն է, մեր ազգի խնդիրն է։ Մենք պիտի որոշենք, թէ ինչպէս պիտի ապրինք։ Այսինքն Ալիեւի կողմէ նուաստացած մէկը, որ երեք տարուայ մէջ անոր դէմ որեւէ խօսք չէ ըսած, կ՚ուզե՞նք մեզի ղեկավար ըլլայ: Մինչեւ 20 յունիս դեռ երեք ամիս կայ։ Այնքան բաներ կրնան տեղի ունենալ։ Ինք թերեւս երկրէն փախած ալ կ՚ըլլայ։ Չեմ բացառեր, որ վաղը ընտրութեան թուականը փոխէ եւ ըսէ, որ ընտրութիւնը 20 սեպտեմբերին պիտի կատարուի եւ կամ նոյնիսկ մինչեւ ապրիլ վարչապետի աթոռին վրայ չմնայ: Իր քաոսային կառավարման շրջանին ամէն ինչ հնարաւոր է եւ իր կառավարման իւրաքանչիւր օրը աւելիով կը վատթարացնէ մեր երկրի վիճակը։
 
Էդուարդ Շարմազանովի ֆեյսբուքյան էջից

 

դիտվել է 0 անգամ
Լրահոս
«Սպայկա»-ն բացարձակ առաջատարն է Ի՞նչ «հեռահար» նպատակներով է կայացվել այդպիսի որոշում. «Փաստ» «Այս քայլերը միտված են հայ հասարակությանն ավելի աղքատացնելու. եկող տարվա բյուջեն Հայաստանի զարգացման հետ որևէ աղերս բացարձակ չունի». «Փաստ» Կադրային շարժերի ավանտյուրիզմը. «Փաստ» Հայաստանի օրվա իշխանությունը՝ հակահայկական օրակարգի ջահակիր. «Փաստ» Ինչպե՞ս են պատրաստվում այս իշխանությանը զրկել ապագայում մանդատ ստանալու հնարավորությունից. «Փաստ» «Երկրում կա մեծ կոռուպցիա, որի գլխին կանգնած է Նիկոլ Փաշինյանը». «Փաստ» Ուշագրավ առաջարկ. անհատները՝ 1 միլիոն, իսկ հասարակական կազմակերպությունները 3 միլիոն ռուսական ռուբլի դրամաշնորհ կարող են ստանալ. «Փաստ» ԵԱՏՄ երկրների թվում ամենացածր գնաճը Հայաստանում է Ադրբեջանը յուրացնnւմ է Նոյի դամբարանը. «Գեղարդ» հիմնադրամ Նեյմարը շքեղ բնակարան է գնել․ այն ամենաթանկարժեքներից է Դուբայում «Միլանը» չի ծրագրում ուժեղացնել կազմը հունվարյան տրանսֆերային պատուհանի ժամանակ. Իբրահիմովիչ «Ովքեր Նանուլին չեն ճանաչում, մտածում են, որ շփացած աղջիկ է, ինքնավստահ մեկը». Վիկա Մարտիրոսյան Երևանի բնակիչները, որոնց 100-ամյակը կլրանա, քաղաքապետարանից 1 միլիոն դրամ կստանան Որ դեպքերում է ՌԴ-ն իրավասու միջուկային զենք կիրառել. Պուտինը ստորագրել է երկրի նոր միջուկային դոկտրինը Ողբերգական ավտովթար է տեղի ունեցել ՌԴ-ում․ կա 3 զոհ, որոնք ազգությամբ հայեր են, և 3 վիրավոր Ռուբլին թանկացել է Ադրբեջանն ավելացնում է ռազմական բյուջեն Արցախի Տանձատափ եկեղեցnւ մեծ մասը քանդվել է Ջուր չի լինի Թբիլիսիում բախումներ են. ցուցարարներին բերման են ենթարկում Արդյո՞ք դիվանագիտությունն առաջ կանցնի ռազմական թատերաբեմից․ «Փաստ» «Բոլոր անձինք, որոնք պատրաստ են ծառայելու Նիկոլին, պետք է կարևոր փաստ հասկանան՝ ընդամենը գործիք են, կօգտագործվեն նրա կողմից և արհամարհական ոճով կվռնդվեն պաշտոնից»․ «Փաստ» Նրանք բոլորն էլ այս կամ այն չափով «նիկոլփաշինյան» են․ «Փաստ» Գողն ամենաբարձրն է գոռում՝ բռնեք գողին․ «Փաստ»
Ամենաընթերցվածները